2015-03-09 12:01:00

1200 հաւատացեալներ մասնակցեցան ` Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի պատարագին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակներու  100-րդ տարելիցին առթիւ, կիրակի 8 մարտ 2015-ին, Քարաքասի Տոն Պոսքոյի սրբավայրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ համապատարագ՝  բարձր հովանաւորութեամբ ու մասնակցութեամբ  Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Քարաքասի թեմի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Եորկէ Լիպերաթօ Ուրոզա Սապինոյի եւ Լատին Ամերիկիոյ Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ` Արհիապատիւ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանի։

Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Վենեզուելլայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ` Արհ. Կոմիտաս Սրբազան Օհանեան ինչպէս նաեւ 1200 աւելի  հայ եւ օտար հաւատացեալներ որոնք աղօթքի միջոցաւ ուզեցին իրենց մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնել հայոց մեծ եղեռնի բիւրաւոր նահատակներու ժառանգորդներուն։

Այս մասին Ռատիօ Վատիկանին տեղեկացուց գերապայծառ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանը որ սուրբ արարողութեան ընթացքին յաւուր պատշաճի խօսքը արտասանեց ներկաներուն բացայայտելով հայոց մեծ եղեռնի իրողութիւնը։

Յայտնենք թէ Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդը ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ նամակներ ուղղած է Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վեց երկիրներու առաջնորդներուն, հրաւիրելով  զանոնք նմանատիպ ձեռնարկներ կազմակերպելու իրենց թեմերուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ որպէս աղօթքի միութիւն հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին եւ մասնակցութիւն` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` յառաջիկայ 12 ապրիլ 2015-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ մատուցանելիք Սուրբ Պատարագին։








All the contents on this site are copyrighted ©.